Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 20 Յունիսի թուիթը` ''Սիրոյ շօշափելի արտայայտութեամբ
կարելի է հակասել անտարբերութեան''։
Ուրբաթ, 20 Յունիսին հրատարակած իր թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց
ցաւի ու տառապանքի նկատմամաբ անտարբերութեան երեւոյթը ու հաստատեց թէ այս մէկը կարելի
է հակասել ճշգրիտ ու շօշափելի սիրոյ արտայայտութեամբ։ ''Շատ անտարբերութիւն կայ տառապանքի
նկատմամբ։ Այս անտարբերութիւնը կարելի է հակասել սիրոյ շօշափելի ներգործութիւններով''`
գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր թուիթին մէջ։